2015-03-16 13:57:00

Հալէպի Լատիններու եպիսկոպոսը`միմիայն Աստուծոյ ողորմութիւնը կարող է մեզ փրկել։


(Ռատիօ Վատիկան)  ''Աստուծոյ ողորմութիւն'' տարուայ արտակարգ յոբելեանի հռչակումը ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կողմէ իւրայատուկ խոկումներ արծարծած է Սուրիոյ քրիստոնեաներու կողմէ, որոնք հինգ տարիէ կ’ապրին անձկութեան ու տառապանքին մէջ։ Կ`աղերսենք եւ կը մուրանք Աստուծոյ ողորմութիւնը` մեզի համար, Սուրիոյ Եկեղեցւոյ ու բոլոր մեր բարեկամներուն ու մեր ուղեկիցներուն համար, ինչպէս նաեւ բոլոր մեր դահիճներուն համար, որոնք կը շահագործեն Աստուծոյ անունը։

''Թող բարեխնամող Տէրը ողորմի մեր ու անոնց վրայ ու յուզէ բոլորին սրտերը'', այսպէս արտայայտուած է Հալէպի լատին  եկեղեցւոյ առաքելական տեղապահ` գերապայծառ Ժորժ Ապու Խազէն  ի լուր Սրբազան Քահանայապետին հռչակած յոբելենական տարին նուիրուած Աստուծոյ ողորմութեան։ Միմիայն ողորմութեան հրաշքը կարող է դարմանել բոլորին վէրքերը ու պարգեւել զղջումի ու հաշտութեան պտուղներ։ Աստուծոյ ողորմութիւնը փորձարկելը կենսական հարց մըն է, որ պէտք ենք աղերսել որպէս կենսատու առօրեայ հաց։ Միմիայն ան որ փորձարկած է Աստուծոյ ողորմութիւնը կարող է բարեգութ ըլլալ  ուրիշներու հանդէպ, հանդիպիլ անոնց, օգնութեան հասնելու համար։

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, եզրափակեց գերապայծառ Խազէն, կը կրկնէ որ ողորմութիւնը հովուական կեցուածք մը չէ, այլ կը կազմէ Աւետարանին էութիւնը։ Այս իրականութիւնը, Հալէպի ներկայ պայմաններուն  մէջ, ամէն օր կը զգանք ու խորապէս կ’ապրինք։








All the contents on this site are copyrighted ©.